2013-03-30 10:40:34

Ֆրանչիսկոս Պապի Խօսքը Ճանապարհ Խաչի Արարողութեան Աւարտին` ''Աստուած մեզ կը դատէ` մեզ սիրելով։''


Ուրբաթ 29 մարտի Երեկոյեան՝ ժամը 21.15-ին ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հռոմի երկհազարամեայ ՝՝Գոլլոսէում՝՝ աշխարհածանօթ Ամփիթատրոնին տարածքին, նախագահեց Ճանապարհ Խաչի բարեպաշտական աղօթքի արարողութիւնը։
Արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ հակիրճ խօսքը ուղղեց ներկաներուն.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, շնորհակալ եմ ձեր մեծամաթիւ մասնակցութեան համար, աղօթքի այս յուզիչ պահուն։ Շնորհակալ եմ բոլոր անոնց որոնք ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցաւ հետեւեցան արարողութեան եւ յատուկ ողջոյն մը հիւանդերուն եւ տարեցներուն։
Այս գիշերը կարելի է ամփոփել մէկ խօսքով` ԽԱՉԸ։ Յիսուսի Խաչը այն խօսքն է որով Աստուած կը պատասխանէ աշխարհի չարութեան։
Երբեմն մեզի կը թուի որ Աստուած չի հակազդեր չարին, լուռ կը մնայ։ Իրականութեան մէջ Աստուած խօսեցաւ, պատասխանեց, եւ անոր պատասխանը Քրիստոսի խաչն է. այս խօսքը սէր է, ողորմութիւն, ներում։ Ու նաեւ դատում. Աստուած մեզ կը դատէ` մեզ սիրելով։
Ասիկա յիշենք` ''Աստուած մեզ կը դատէ սիրելով''
Եթէ ընդունիմ անոր սէրը փրկուած եմ, եթէ մերժեմ` դատապարտուած եմ, ոչ Աստուծմէ այլ ես ինծմէ, որովհետեւ Աստուած չի դատապարտեր։ Ան միմիայն կը սիրէ ու կը փրկէ։
Սիրեցեալ եղբայրներ, Խաչին Խօսքը նաեւ քրիստոնեաներուն պատասխանն է չարին, որ կը շարունակէ գործել մեր մէջ ու մեր շուրջը։ Քրիստոնեաները պէտք է բարիքով պատասխանեն չարին, Յիսուսի նման ՜՜խաչը՝՝ առնելով։ Այս գիշեր անսացինք Լիբանանի մեր եղբայրներու վկայութիւնը։ Անոնք շարդարած են այս գեղեցիկ խորհրդածութիւններն ու աղօթքները։ Սրտանց իմ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ իրենց այս ծառայութեան ու տուած վկայութեան համար։ Այս նկատեցինք Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Լիբանան կատարած այցելութեան ընթացքին, տեսանք քրիստոնեաներու միջեւ հաղորդութեան գեղեցկութիւնն ու զօրութիւնը ու նաեւ բարեկամութիւնը մահմետական բազմաթիւ եղբայրներուն հետ։ Ասիկա նշան մը հանդիսացաւ Միջին Արեւելքի ու համայն աշխարհին համար. ՜՜յոյսի նշան մը՝՝։
Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. շարունակենք ապրիլ ''ճանապարհ Խաչը'' մեր առօրեայ կեանքին ընթացքին։ Միասնաբար ընթանանք խաչի ճամբով, ընթանանք մեր սրտին մէջ պահելով Սիրոյ Խօսքը։ Ընթանանք սպասելով Յիսուսի Յարութիւնը, Յիսուս մեզ շատ կը սիրէ, Ան համակ սէր է։

Յայտնենք որ այս տարուայ ՜՜Ճանապարհ խաչի՝՝ի արարողութեան խորհդածութիւնները պատրաստուած են Լիբանանցի երիտասարդներու կողմէ, որոնք ներկայ գտնուեցան արարողութեան։ Մինչ ճանապարհ խաչի 8րդ կայանի խորհրդածութիւնը որ կը խօսի Երուսաղէմի կիներուն հետ Յիսուսի հանդիպումի մասին, պատրաստուած է Լիբանանցի Հայ Կաթողիկէ երիտասարդներու կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.